2014-04-04 12:18:43

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 4 ապրիլի թուիթն ու քարոզը` ''Աւետարանի հռչակումը հալածանք կը յառաջացնէ''։


Ուրբաթ, 4 ապրիլին հրատարակած իր թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գրէ` ''Յիսուսին հետ կեանքը իր լիութիւնը կը ստանայ։ Իրեն հետ աւելի դիւրին է ամէն բանի իմաստը գտնել''։

Նորին Սրբութիւնը ապա առաւօտեան մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, յայտնեց թէ '' Երբ Աւետարանը կը հռչակուի հալածանքներու ընդառաջ կ՛երթանք'' ու հաստատեց` ''այսօր կան շատ աւելի մարտիրոսներ քան Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին'', յորդորելով հաւատացեալները վախ չունենալու անհասկացողութիւններէն եւ հալածանքներէն։
Մեկնաբանելով օրուան աւետարանը, քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչի 7 գլուխէն, 40-53 համարներ, ուր կը պատմուի Յիսուսի ծագումին մասին տեղի ունեցած վիճաբանութեան, Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ Յիսուս սկզբանէ հալածանքի ենթարկուեցաւ։ Ան գիտակից էր իր վախճանին։ Անոր նման նաեւ շատ մը Եկեղեցականներ ենրթարկուեցան հալածանքներու, ու այսօր աշխարհի մի քանի վայրերուն մէջ քրիստոնեաները մահապատիժի ենթարկուած են պարզապէս իրենց տան մէջ Աւետարանը ունենալնուն համար։
''Հալածանքի ճանապարհը ճանապարհն է Տիրոջ ու բոլոր անոնց որ Իրեն կը հետեւին։ Սակայն այդ ճանապարհի աւարտին, որ Խաչէն կ՛անցնի, կայ Յարութիւնը'', հաստատեց Սրբազան Պապը ու աւելցուց` ''Հալածանքներ եւ անհասկացողութիւններ միշտ գոյութիւն պիտի ունենան, սակայն Յիսուս Տէրն է, եւ Խաչը մեր հաւատաքն է։ Հայցենք Տիրոջմէ որ մեզի պարգեւէ շնորհքը ընթանալու իր ճանապարհով, հակառակ խաչին եւ հալածանքներուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.